2011-01-22 10:39:43

Երթաս Բարով Գասպարեան Հոգերոը Տէը :
Հայր Գէւորգ Վրդ. Ասատուրեան`


Կիրակի օրուան ուրախութեան զանգակներուն փոխարէն տխուր զանգերը լսեցինք՝ քու առյաւէտ բաժանումիդ մեզմէ՝ սիրելի հոգեւոր տէր:
Հոգեւորական զաւակներդ այդ յարութեան նուիրուած կիրակի օրը նկատեցին որպէս օրը քու փառաւոր յարութեանդ դէպի երկինք:
Հանգչեցաւ մեր սիրելի հոգեւոր տէրը... Այս էր առաջին տպաւորութիւնները քու սիրելի զաւակներուդ. այո՛, հոգեւոր տէր, դուն վերացար այս դառն աշխարհէն, որովհետեւ դուն բարի, ազնիւ սիրտդ չտոկաց այս աշխարհին մէջ մնալու: Դուն արդէն կը պատկանէիր ուրիշ աշխարհի մը:
Դուն մեր հայկական խորաններուն զարդն էիր, քու պարթեւահասակովդ, անուշ ձայնովդ եւ օծուն յորդորներովդ, որովհետեւ կը զգացնէիր քու սիրելի հաւատացեալներուդ, թէ երկինքի հրեշտակները ներկայ էին այդ պահուն:
Քու սրտիդ մեծութեան չափ լայնօրէն բացիր պատրիարքարանին դռները աղքատներուն, հիւանդներուն, տկարներուն եւ լքուածներուն առջեւ... Ամէնուն տուիր ե՛ւ նիւթ, ե՛ւ գութ, ե՛ւ կարեկցութիւն եւ սէր... Դուն փոխեցիր անոնց արցունքը՝ ժպիտի, իսկ յուսահատութիւնը՝ լաւատեսութեան:
Բոլորին տուները՝ հարուստ թէ աղքատ, այցելեցիր անխտիր, նոյնիսկ Պուրճ Համուտի, Այն Ռըմմանայի, Էշրեֆիէի բնակիչները կը զարմանային, թէ ինչպէս պատրիարք մը կրնար այդ նեղ թաղերէն անցնիլ... Կը փնտռէիր աղքատին տունը պարզապէս իրեն հասցնելու քու ժպիտդ եւ գեղեցիկ խօսքդ:
Այո՛, սիրելի հոգեւոր տէր, միթէ այս խեղճ աղքատները կրնա՞ն մոռնալ քեզ, երբ նեղ օրերուն իրենց ուժ եւ խնամք տուիր:
Դուն կ՚երթայիր հիւանդանոցները՝ հիւանդներուն այցելելու եւ յաճախ իբրեւ անծանօթ քահանայ մը պարզապէս վերջին օծումը տալու եւ զիրենք հասցնելու դէպի ապահով կայանը երկնքի... Միթէ, ո՜վ սիրելի հոգեւոր տէր, այս մարդիկը, որոնց երկինք հասցուցիր քու ձեռքովդ կրնա՞ն մոռնալ իրենց մեծ բարերարը:
Հաւատացեալներուն կողքին, նոյնքան պետական բարձրաստիճան մարդիկ քեզ կ՚այցելէին՝ քու խրախուսիչ խօսքդ լսելու եւ առնելու քեզմէ պատգամդ ու խրատդ...
Ինչպէ՞ս մոռնամ այդ նախարարին յաճախակի այցելութիւնը, որ քովդ կու գար պարզապէս քու խրախուսիչ խօսքերդ առնելու:
Ինչպէս մոռնանք այդ նեղ ու սեւ օրերը եւ գիշերները, երբ մնացիր քու Պէյրութի վարդապետներուդ հետ ռմբակոծումներու պահերուն, մերժեցիր լքել պատրիարքարանը, որպէսզի բարի օրինակ ըլլաս մեզի եւ քու հաւատացեալներուդ, բոլորս քաջալերելով՝ քաջ մնալու եւ պահելու մեր հաւատքն ու հայրենասիրութիւնը:
Ո՛չ միայն հայութիւնը քեզ կ՚ողբայ, այլ լիբանանեան հանրապետութիւնը, որուն լուսաւոր խորհրդատուներէն մէկը եղար:
Երթա՜ս բարով, հոգեւոր տէր... Աստուած հետդ ըլլայ, մեր տաքուկ սրտերը եւ որդիական սուգն ու արցունքը հետդ...
Մի մոռնար մեզ, հոգեւոր տէր, քու հայրական աջդ մեր վրայ մնայ երկինքէդ:
ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.